Վարչապետ Փաշինեան ընդունած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը

Մարտ 19-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Եանս Սթոլթենպերկը: 

Գլուխ-գլխի հանդիպումին կողմերը քննարկած են Հայաստան-ՕԹԱՆ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային հոլովոյթներու, Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրին առնչուող զարգացումներու շուրջ:   

Խմբագրական