Search
Close this search box.

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ – Ազերպայճան ազատ կ՚արձակէ 32 հայ ռազմագերիներ

 

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի եւ Ազերպայճանի նախագահի վարչակազմի միացեալ յայտարարութիւնը

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազերպայճանի Հանրապետութիւնը համակարծիք են, որ տարածաշրջանին մէջ շատոնց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական հնարաւորութիւն կայ։ Երկու պետութիւնները կը վերահաստատեն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները յարգելու հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքելու իրենց մտադրութիւնը։

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի եւ Ազերպայճանի նախագահի վարչակազմի միջեւ բանակցութիւններու շնորհիւ համաձայնութիւն գոյացած է երկու պետութիւններու միջեւ վստահութիւն հաստատելու ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու մասին։

Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, Ազերպայճան ազատ կ՚արձակէ 32 հայ զինուորներ։ 

Հայաստան իր կարգին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ազատ կ՚արձակէ 2 ազերպայճանցի զինուորներ։ 

Իբրեւ բարի կամքի քայլ մը եւս՝ Հայաստան իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի մասնակիցներու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը («COP29») հիւրընկալելու Ազերպայճանի ներկայացուցած դիմումին, հրաժարելով նոյն համաժողովը հիւրընկալելու իր թեկնածութենէն։ Հայաստան եւ Ազերպայճան կը յուսան, որ Արեւելեան Եւրոպայի միւս պետութիւնները նոյնպէս կ՚աջակցին Ազերպայճանի դիմումին։ 

Իր կարգին, Ազերպայճան եւս իբրեւ բարի կամքի քայլ մը՝ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արեւելեան Եւրոպայի «COP»-ի բիւրոյին Հայաստանի անդամակցութեան թեկնածութեան։

Հայաստան եւ Ազերպայճան կը շարունակեն իրենց քննարկումները մօտ ապագային նոր քայլեր առնելու համար, միջազգային հանրութեան կոչ ուղղելով աջակցելու իրենց ջանքերուն, որոնք կը նպաստեն երկու պետութիւններու միջեւ փոխադարձ վստահութիւն հաստատելու եւ որոնք դրական ազդեցութիւն կ՚ունենան Հարաւային Կովկասի ամբողջ տարածաշրջանին համար»։

2023 Դեկտեմբեր 7

* * * 

Ազերպայճանական լրասփիւռները հրապարակած են 32 հայ ռազմագերիներու անունները, որոնք Հայաստան պիտի վերադառնան։ Անոնցմէ 26-ը՝ 2020 Դեկտեմբեր 13-14-ին դէպի Հադրութ ճամբուն վրայ գերեվարուածներն են, իսկ 6-ը՝ հայ-ազերպայճանական սահմանին եւ Բերձորի անցակէտին գերի ինկածները։ ■