Search
Close this search box.

«ՏաԹեւեր» ճոպանուղին ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյնը

«ՏաԹեւեր» ճոպանուղին արժանացած է զբօսաշրջութեան բնագաւառի ամէնէն հեղինակաւորներէն համարուող միջազգային մրցանակին՝ World Travel Awards-ին: Հայկական ճոպանուղին երկրորդ անգամ ըլլալով (առաջինը՝ 2021-ին) յաղթած է, մրցակցելով՝ Պոլիվիոյ, Պրազիլի, Վիեթնամի, Գանատայի, Նոր Զելանտայի, ԱՄՆ-ու ճոպանուղիներու հետ, եւ ճանչցուած լաւագոյնը:

Դեկտեմբեր 1-ին, Տուպայի մէջ տեղի ունեցած է World Travel Awards-ի 30-րդ մրցանակաբաշխութիւնը։ Բաց քուէարկութեամբ «Աշխարհի լաւագոյն ճոպանուղի» անուանակարգին մէջ առաջին տեղը գրաւած է «ՏաԹեւեր»-ը: Արարողութեան ընթացքին պատուոյ մրցանակը ստացած է Դաւիթ Վարդանեան՝ «ՏաԹեւեր» նախագծի հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի որդին:

World Travel Awards մրցանակաբաշխութիւնը յաճախ կ՚անուանեն  «Զբօսաշրջութեան Օսքար»։ Ան հիմնադրուած է 1993-ին եւ անկէ ի վեր կ՚ընկալուի ճամբորդութեան և հիւրընկալութեան ոլորտի կարևոր նուաճումներու չափանիշ:

“Հայրս իր ամբողջ կեանքը նուիրած է մարդոց օգնելու: Ան իրականացուցած է բազմաթիւ բարեսիրական, ընկերային, կրթական, ենթակառուցային ծրագրեր, որոնք բարեփոխած են ժողովուրդի կեանքի որակը ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ աշխարհի տարածքին: Դէպի միջնադարեան հրաշալի վանական համալիր տանող աշխարհի ամէնէն երկար՝ «ՏաԹեւեր» ճոպանուղիի նախագիծը ատոր վառ օրինակներէն է:  Այս մրցանակը հայրս պէտք է ստանար, բայց, ինչպէս գիտէք, ան եւ տասնեակ Հայեր քաղաքական դրդապատճառներով ապօրինի ձերբակալուած են Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ եւ կը գտնուին Պաքուի բանտերուն մէջ: Կը յուսամ յաջորդ մրցանակը ան անձամբ կը ստանայ”,– յայտնած է Դաւիթ Վարդանեան:

13 տարիներու ընթացքին «ՏաԹեւեր» այցելած է աւելի քան 1 միլիոն հոգի: Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր 5 զբօսաշրջիկէ մէկը  իր ծրագրին մէջ կը ներառէ  ճոպանուղին, որու շնորհիւ ալ 2010-ի բաղդատմամբ զբօսաշրջային հոսքը դէպի Սիւնիքի մարզ 17 անգամ աւելցած է։

Նշենք, թէ Ռուբէն Վարդանեանի եւ իր կնոջ Վերոնիքա Զոնապենտի կողմէ «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի շրջանակին մէջ իրագործուած ճոպանուղին, շահ չհետապնդող նախագիծ մըն է, ուրկէ ստացուած ամբողջ հասոյթը կ՚ուղղուի Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնման եւ համայնքի զարգացման գործին: «ՏաԹեւեր»-ը կը կառավարէ Impulse Business Management ընկերութիւնը։