Տաւուշի մարզի Մակարավանքին մէջ աղօթք՝ գերեվարուած արցախցիներու ազատութեան համար

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի մարզը գտնուող 13-րդ դարուն կառուցուած Մակարավանքին մէջ, սուրբ Յարութեան ճրագալոյցի պատարագին միասնական աղօթք բարձրացուած է առ Աստուած՝ գերեվարուած արցախցիներու ազատութեան համար, որոնք կը տառապին թշնամիի բանտերուն մէջ։

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տէր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան իր աղօթքին մէջ յայտնած է. “Ազատութիւն մեր եղբայրներին, որոնք այսօր գտնւում են թշնամիի բանտում՝ մեր փոխարէն։ Թող մեր աղօթքը Հայրենիք ունեցող զինուորականների հետ լինի, եւ բոլոր նրանց, ովքեր ամէն վայրկեան կանգնած են մեր սահմանագծում։

Թող Աստուած զօրութիւն տայ մեզ, իր ողորմածութիւնը յղի մեր ազգի վրայ, իմաստութիւն պարգեւի  մեզ։ Ճշմարտութեան զգացումը երբեք չտկարանայ մեր մէջ եւ արդարութեան ձգտումը միշտ վառ մնայ՝ ինչպէս Տիրոջ Յարութեան խորհուրդն է”։

Խմբագրական