Search
Close this search box.

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը պիտի քննարկէ Արցախի առեւանգուած գործիչներուն վերադարձի հարցը

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկի գործադիր տնօրէնուհի տիկին Էլիսա ֆոն Ճոյտըն-Ֆորճի՝ արձագանգելով Ազերպայճանի բռնապետական վարչակազմին կողմէ Արցախի մեր հայրենակիցներու՝ ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ պարզ քաղաքացիներու ապօրինի առեւանգումներու վերաբերեալ Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Թագուհի Թովմասեանի ահազանգող նամակներուն, իր պատասխան նամակին մէջ մասնաւորապէս նշած է․

«Շատ շնորհակալ եմ Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներու խիստ մտահոգիչ կացութեան մասին ձեր  նամակագրութեան համար։ Մենք շատ մտահոգ ենք եւ յանձնառու՝ ապահովելու, որ հայ պատանդները զերծ մնան վնասներէ եւ շուտով ազատ արձակուին, 44-օրեայ պատերազմին գերեվարուածներուն հետ միասին: Ես հանդիպում պիտի ունենամ մեր խումբին հետ՝ քննարկելու այն ուղիները, որոնց միջոցով Լեմքին հիմնարկը կրնայ օգնել:

Կը յուսամ շատ շուտով ձեզի համար յաւելեալ տեղեկութիւններ կ՚ունենամ»։