Search
Close this search box.

Ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ Էրտողան Հայաստանին կը յորդորէ «անհիմն պատմութիւնները մէկդի դնել»

 

“Տարածաշրջանին մէջ նոր կարգ կը հաստատուի եւ եկած է ժամանակը, որ անհիմն պատմութիւնները մէկդի դրուին”,– յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Իրաք կատարած այցէն վերադարձին՝ օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին։

“Միշտ աւելի լաւ է գործել ժամանակի իրողութիւններուն հետ, քան գործել իրականութեան հետ կապ չունեցող յօրինուած պատմական պատմութիւններով։ Այդ հիմա կը հասկանայ նաեւ Փաշինեանը”,– ըսած է Էրտողան՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ Հայաստանի վարչապետը՝ «նախորդ օրերուն խօսելով 1915-ի իրադարձութիւններուն մասին՝ “Մեծ ողբերգութիւն” եզրը գործածեց, փոխարէն “ցեղասպանութիւն” եզրին»։

Լրագրողը նաեւ հարց տուած է, թէ արդեօք Հայաստանի վարչապետին նման դիրքորոշումը կարելիութիւն կը ստեղծէ՞, որ Հայաստան ապագային մասնակցի տարածաշրջանային մեծ նախագիծերուն, Ազերպայճանի եւ այլ դերակատարներու կողքին։

Ըստ Էրտողանի՝ պատմական գործընթացներով պէտք է պատմաբանները զբաղին, ապա շարունակած է, որ «ներկայի իրադրութեան  հիման վրայ նոր ճանապարհային քարտէսներ ստեղծելու ժամանակն է»։

“Կը յուսամ, որ Հայաստան յաղթահարելով Սփիւռքի կապանքները, յանուն վաղուան նոր կարելիութիւններով լի ճամբան կ՚ընտրէ։ Կարելիութեան  դռները բաց պիտի չըլլան անվերջ եւ անհրաժեշտ է օգտագործել զանոնք”,– աւելցուցած է ան։

Էրտողան յայտարարած է, թէ այս գործընթացին մէջ, բացի հայկական Սփիւռքէն, բազմաթիւ այլ գործօններ կ՚ազդեն Հայաստանի վրայ։