ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՓԱԼԵԶՕ – Փալեզոյի հայկական միութեան շաբաթավերջը՝ ի նպաստ Արցախահայութեան

Փալեզոյի քաղաքապետ Կրեկուար տը Լասթեյըրի կ՚արտասանէ իր ողջոյնի խօսքը

Հոկտեմբեր 14-15-ին, Փարիզեան շրջանի Փալեզօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան այդ շրջանին մէջ հայկական առաջին մշակութային օրերը, տեղւոյն քաղաքապետարանի աջակցութեամբ եւ Ֆրանսահայերու մշակութային միութեան (Association Culturelle «Union Franco-Arménienne») ջանքերով, յանձինս՝ ընկերակցութեան հիմնադիր, նախագահ Արթուր Արզոյեանի, քարտուղար Աղաւնի Վարդանեանի եւ խորհրդական Կրեկորի Յովսէփեանի:

Երկու օրերու վրայ երկարող յայտագիրը կը ներառէր հայկական մշակոյթը իր գիր-գրականութեամբ, երգ ու պարով, թատրոնով, ձեռային աշխատանքներով, կտաւներով, խոհանոցով եւ այլ իւրայատկութիւններով:

Փալեզոյի գլխաւոր հանրապարտէզին մէջ կազմակերպուած էր ցուցահանդէսը փարիզաբնակ, արմատներով գիւմրեցի Ամալի Գալստեանի գեղանկարներու, որոնց մէջ ներկայացուած են Արցախի պատմամշակութային յուշարձանները:

Ձեռնարկներուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ քաղաքիս յաղթանակի հրապարակին վրայ, Փալեզոյի եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետարաններու եւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Փալեզոյի քաղաքապետ Կրեկուար տը Լասթեյըրի իր բարեկամական ելոյթին նշեց, թէ այս դժուար օրերուն ինք Հայաստանի եւ հայ համայնքի կողքին է:

Այնուհետեւ քաղաքապետը եւ պատուոյ հիւրերը այցելեցին հրապարակին վրայ տեղ գտած 31 տաղաւարները, ծանօթացան հայկական արտադրանքներուն եւ զրոյցներ ունեցան հայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ:

Հոկտեմբեր 14-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բարեսիրական մեծ համերգ մը՝ ի նպաստ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներէ 13 երաժիշտներու եւ շուրջ 50 պարողներու։

Համերգը սկսաւ իւրայատուկ գեղարուեստական ոճով մատուցուած «լռութեան վայրկեանով», որու ընթացքին պաստառին վրայ ներկայացուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ մարտնչող զինուորին կողմէ կիսատ մնացած «Զինուորի երգը» ստեղծագործութիւնը, որուն ամբողջական տարբերակը ներկայացուց “The Voice Kids 2023”-ի մասնակից Մատլէնը, իր մօր՝ Մարինէ Գիւլումեանի դաշնակի նուագակցութեամբ։ Պարմանուհին հրամցուց այլ երգեր ալ, իսկ Մարինէն՝ իր հեղինակած ստեղծագործութիւններէն հատուածներ։

Շատեր կրկին վայելեցին, իսկ ոմանք ալ առաջին անգամ ծանօթացան հայկական ծիրանափողի (դուդուկ) կախարդական ձայնին՝ Պերճ Մելիքսեթեանի կատարողութեամբ: Հանդիսատեսին հիացում պատճառեց նաեւ Աղաւնի Վարդանեանի քանոնի նուագակցութիւնը:

Հայկական ժողովրդական նուագարաններու «Սպիտակ» համոյթը իր երգացանկի բազմազանութեամբ իւրօրինակ շունչ հաղորդեց երեկոյթին:

«Արարատ» ազգային պարային համոյթը իր կատարումներով ցուցադրեց հայ տղամարդու առնականութիւնն ու կամքը եւ հայ կնոջ նուիրուածութիւնն ու անկոտրում ոգին…:

Հայկական երգերով հանդէս եկան մեներգչուհիներ՝ Շաքէ Դունուեան ու Հռիփսիմէ Միքայէլեան:

Բարեսիրական այդ նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ HelloAsso ընկերակցութեան առցանց հարթակին վրայ՝ Արցախահայութեան ուղղուած օգնութեան լայնածաւալ ծրագրին (որու կապը՝ ստորեւ).

https://www.helloasso.com/associations/union-franco-armenienne/formulaires/11

Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ բարեսիրական այս ծրագրի գործընկերներէն՝ ֆրանսական «HayMed»-ի ղեկավար Ժան-Միշէլ (Յովհաննէս) Էքերեան։ Վերջինս ծրագրի շրջանակին մէջ Հոկտեմբեր 28-ին կը մեկնի Հայաստան:

Երկրորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 15-ին, Փալեզոյի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ « Celui Qu’on Attendait » ֆիլմին ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ ժապաւէնի բեմադիր Սերժ Աւետիքեանի:

*  *  *

Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի «Հայկական մշակութային օրեր»-ը ամէնամեայ բնոյթ ստանան եւ Փալեզօ քաղաքին մէջ տեղադրուի «Ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան» յուշարձանը, որու հեղինակն է երեւանաբնակ քանդակագործ՝ Սարգիս Բաբայեան։

Ֆրանսահայերու մշակութային միութեան ծրագրերուն ծանօթանալու համար՝ https://www.unionfrarm.com/projets

Վստահաբար այս նորաստեղծ միութեան կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը իր մատուցման ձեւով նոր շունչ հաղորդեց համայնքի կեանքին:

Թ. Շ. ■

Խմբագրական