ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՕՊԵՐՎԻԼԻԷ – «Հայկական սփիւռք(ներ)ը շարժումի մէջ» բնաբանով սփիւռքագիտութեան միջազգային գիտաժողովը

Առաջին նիստի զեկուցողները եւ գիտաժողովի կազմակերպիչները. ձախէն՝ Դալար Շահինեան, Վահէ Սահակեան, Ալեքսանտր Գէորգեան, Խաչիկ Թէօլէօլեան, Սիմոն Փայասլեան, Պորիս Աճէմեան  եւ Անոյշ Տէր Սարգիսեան

Տարածքներ, դերակատարներ եւ զանազան կիրարկումներ՝ 21-րդ դարուն

Մարտ 14–15-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ­կա­կան սփիւռք(ներ)ը շար­ժումի մէջ» – (Տա­րածքներ, դե­րակա­տար­ներ եւ զա­նազան կի­րար­կումներ 21-րդ դա­րուն) բնա­բանով եր­կօ­րեայ գի­տաժո­ղով մը, Փա­րիզի Campus Condorcet-ի մարդկա­յին եւ ըն­կե­րային գի­տու­թիւննե­րու հե­տազօ­տու­թեան կեդ­րո­նին մէջ (Օպերվիլիէ), կազ­մա­կեր­պութեամբ՝ Պո­րիս Աճէմեանի (գի­տահե­տազօ­տող, ՀԲԸՄ-ի «Նու­պար» գրա­դարան, «Convergences Migrations» հիմ­նարկ), Անոյշ Տէր Սա­րգիսեանի («Convergences Migrations» հիմ­նարկ), Ալէն Նա­վարա տը Պոր­ժիա-Նա­ւասար­դեանի (Պոլոնիոյ հա­մալ­սա­րան – Իտալիա), Իան Սքիոլտօ-Զիւրշերի (գի­տահե­տազօ­տող «Convergences Migrations» հիմ­նարկ)։

Փա­րիզի եր­կօ­րեայ գի­տաժո­ղովը ձե­ւով մը շա­րու­նա­կու­թիւնն էր Միաց­եալ Նահանգներու Հայ­կա­կան Ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու ըն­կե­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած՝ «Սփիւռքը՝ պետականազուրկ ուժ» գի­տաժո­ղովին, Լոս Ան­ճը­լըսի USC-ի (University of Southern California) մէջ, 2019-ին, ի պա­տիւ Խա­չիկ Թէօլէօլեանի։

Եր­կու օրե­րու ըն­թացքին շուրջ երե­սուն հա­մալ­սա­րանա­կան­ներ մաս­նակցե­ցան վեց նիս­տե­րու եւ կլոր սե­ղանի մը։ Սփիւռքի ու­սումնա­սիրու­թիւնը 1990-ական թուական­նե­րէն սկսեալ մեծ յա­ռաջ­խա­ղացում արձանագրած է, որուն մէջ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած է փրոֆ. Խա­չիկ Թէօլէօլեան, որ հիմ­նա­դիրն է “Diaspora – A journal of transnational studies” հան­դէ­սին։

 Գի­տաժո­ղովին առա­ջին նիս­տին վեր­նա­գիրն էր «Հայ­կա­կան սփիւռք­(ներ). մո­տէլէն ու­ժա­կանու­թիւն»։ Խօսք առին փրոֆ. Սի­մոն Փա­յաս­լեան՝ Պոս­թը­նի հա­մալ­սա­րանէն, Վա­հէ Սա­հակեան՝ Մի­շիկը­նի Տիր­պորն հա­մալ­սա­րանէն եւ Ալեք­սանտր Գէոր­գեան՝ Սէնթ Ճոնզ հա­մալ­սա­րանէն, որոնք անդրա­դար­ձան հայ­կա­կան սփիւռքա­գիտու­թեան տե­սական հար­ցադրումնե­րու։ Փրոֆ. Փա­յաս­լեան անդրա­դար­ձաւ ազ­գայնա­կանու­թեան եւ սփիւռքի գո­յու­թեան «հի­ւան­դա­ցում»-ին, Գէոր­գեան շօ­շափեց Սփիւռք-Հա­յաս­տան ըն­կե­րային եւ տնտե­սական ան­հարթու­թիւննե­րու հար­ցե­րը, իսկ Սա­հակեան՝ անդրմշա­կու­թա­յին հայ­կա­կանու­թիւնը։ Այս երեք քննար­կումնե­րէն ետք, Խա­չիկ Թէօլէօլեան՝ տրուած բա­ցատ­րութիւննե­րուն վե­րաբե­րեալ ներ­կա­յացուց իր դի­տար­կումնե­րը։ 

Երկրորդ նիս­տը կը վե­րաբե­րէր Հայ­կա­կան սփիւռքի հին կեդ­րոննե­րու եւ նոր երե­ւոյթնե­րու։ Զե­կու­ցա­բեր­ներն էին՝ Գո­հար Իս­քանտա­րեան, Ար­ման Խա­չատ­րեան եւ Գար­լոս Ան­թա­ռամեան, որոնք յա­ջոր­դա­բար զե­կու­ցե­ցին պարսկա­հայ, սա­ղիմա­հայ եւ Մեք­սի­քոյի հայ­կա­կան հա­մայնքներուն մա­սին։ Հոս ան­մի­ջապէս նշենք, թէ Ան­թա­ռամեանի՝ Մեք­սի­քոյի հայ հա­մայնքի պատ­մութեան վե­րաբե­րող ու­սումնա­սիրու­թիւնը ձե­ւով մը յայտնա­բերում էր, նկա­տի ու­նե­նալով որ այդ նիւ­թին շուրջ սա­կաւ տե­ղեկու­թիւններ կան ընդհան­րա­պէս։ Այս նիս­տին 4-րդ եւ 5-րդ զե­կու­ցա­բերները՝ Զա­տիկ Թի­սըրան (Ֆրան­սա, Փա­րիզ) եւ Ան­նի­քա Թէօռն (Պա­զելի հա­մալ­սա­րան) ներ­կայացուցին Աբխա­զիոյ համ­շէ­նահա­յու­թեան սերտ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան հետ, եր­կու «հան­րա­պետու­թիւններ» որոնք մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման մար­տահրա­ւէրի դի­մաց կը գտնուէին։ Իր դի­տար­կումնե­րով երկրորդ նիս­տը ամ­փո­փեց Սթրազ­պուրկի հա­մալ­սա­րանէն Ստե­փան տը Թա­փիա։

Եր­րորդ նիս­տին Նուարդ Մել­քո­նեան (Երե­ւանի Պե­տական հա­մալ­սա­րան) քննար­կեց պա­տերազ­մէն ետք եւ հա­մաճա­րակի օրե­րուն Ուքրաինա­յի եւ Ռու­սաստա­նի Հա­յերուն՝ Հա­յաս­տան վե­րադար­ձի խնդի­րը, իսկ Գոն­րատ Սիեքերսքի (հա­մալ­սա­րանա­կան՝ Լոն­տո­նի գո­լէճէն) ներ­կա­յացուց այն ուխտագ­նա­ցու­թիւննե­րը, զորս Արեւմտա­հայե­րը (եւ Արե­ւելա­հայե­րը, ի մի­ջի այ­լոց) կը կազ­մա­կեր­պեն դէ­պի Արեւմտեան Հա­յաս­տան՝ իրենց նախ­նի­ներուն ծննդա­վայ­րին մէջ վե­րապ­րե­լու համար անոնց ներկայութիւնն ու զգա­ցումները։ Այ­նուհե­տեւ Ֆրան­սա­յէն հա­մալ­սա­րանա­կան­ներ՝ Սեսիլ Լը­ֆեվր, Ալիս Պոք­քա­րա եւ Սո­ֆի Հոհ­ման քննար­կե­ցին Հա­յաս­տա­նի նկատմամբ ֆրան­սա­հայ երի­տասար­դութեան երա­զանքնե­րը, հա­կումնե­րը, նա­խապա­շարուոմ­ներն ու սպա­սումնե­րը։ Այս նիս­տի աւար­տին Պո­րիս Աճէմեան եւ Անոյշ Տէր Սար­գի­սեան ներ­կա­յացու­ցին իրենց դի­տար­կումներն ու տե­սակէտ­նե­րը՝ զե­կու­ցող դա­սախօս­նե­րու նիւ­թե­րուն առնչու­թեամբ։ 

Գի­տաժո­ղովին երկրորդ օրը՝ Մարտ 15-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ չոր­րորդ նիս­տը, որ մաս­նա­ւորա­բար սփիւռքա­հայ կի­ներու հար­ցե­րուն նուիրուած էր։ Թա­լին Կրեկոր, Հու­րի Պէր­պէ­րեան (եր­կուքն ալ Գա­լիֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րանէն) անդրա­դար­ձան ընդհան­րա­պէս հայ կի­ներու եւ մաս­նա­ւորա­բար պարսկա­հայ կի­ներու՝ ման­րա­պատումնե­րուն եւ գոր­ծա­ծած իրե­րուն։ Իսկ Ժա­նիս Օքումեան (Ռոտ Այ­լընտ գո­լէճ) քննար­կեց կի­ներու մաս­նակցու­թիւնը հա­մայան­քա­յին հա­սարա­կան կեան­քին ու պայ­քարնե­րուն։ Սոյն նիս­տը իր դի­տար­կումնե­րով եզ­րա­փակեց դա­սախօս եւ ըն­կե­րաբան Ալէն Նա­վարա։

Հին­գե­րորդ նիս­տին բնա­բանն էր՝ «Պատկանե­լիու­թեան հար­ցը՝ փո­փոխուող սփիւռք(ներ)ու մէջ։ Խօսք առին Իրի­նա Գրի­գորեան (Թուրքիոյ Koç հա­մալ­սա­րան), Նա­թալիա Գո­սմարսքա­յա (Մոս­կուայի Գի­տու­թեանց ակա­դեմիա) եւ Եու­լիա Ան­տո­նեան (Երե­ւանի Պե­տական հա­մալ­սա­րան), որոնք քննար­կե­ցին Սու­րիոյ քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի բե­րու­մով հար­կա­դրաբար տե­ղափոխուած Սու­րիահա­յերու նոր բնա­կու­թեան վայ­րի ու ինքնու­թեան փոխ­յա­րաբե­րու­թիւնը, եւ Ռու­սաստանի Հա­յու­թեան խառն ամուսնու­թիւննե­րու ստեղծած ինքնու­թե­նական տագ­նապնե­րը։ Եու­լիա Ան­տո­նեան յատկապէս ներկայացուց Լի­բանա­նի մէջ ծնունդ առած կրօ­նական եղ­բայրու­թեան մը հե­տեւորդնե­րու հո­գեւոր աշ­խարհի ապ­րումնե­րը, հե­ռու հայ­կա­կան եկե­ղեցա­կան աւան­դութիւննե­րէն։ Սոյն նիս­տը իր դի­տար­կումնե­րով ամ­փո­փեց Ինալ­քո­յի դա­սախօս, փրոֆ. Թա­լին Տէր Մի­նասեան։

Վե­ցերորդ նիս­տը կ՚առնչուէր սփիւռքա­յին նոր հար­թակներ հե­տապնդող­նե­րու։ Հու­րի Փի­լիպո­սեան (Հա­յաս­տա­նի՝ Ամե­րիկեան հա­մալ­սարան) խօ­սեցաւ Հա­լէպա­հայու­թեան հա­մար ստեղ­ծուած հա­մացան­ցա­յին նոր հար­թակնե­րու մա­սին, ուր կը քննար­կուին ու կ՚ու­սումնա­սիրուին Հա­լէպի պատ­մութեան զա­նազան դրուագ­նե­րը։ Կա­րէն Ճալ­լա­թեան (Գեր­մա­նիա) անդրա­դար­ձաւ Վա­հէ Օշա­կանի՝ նոր սե­րունդը դաս­տիարա­կելու սփիւռքա­յին մտայ­նութեան։ Իսկ Սվանթ Լունտկրեն (Շուէտի Լանտ հա­մալ­սա­րան) խօ­սեցաւ շուէտա­հայ երի­տասարդնե­րու մա­սին, որոնք թուային աշ­խարհի մէջ նոր հար­թակներ ստեղ­ծե­լու, իրա­րու հետ յա­րաբե­րելու, նոր մի­ջոց­ներ որո­նելու գոր­ծին լծուած են եւ կը կա­տարեն նաեւ անդրազ­գա­յին աշ­խա­տանքներ՝ Հա­յաս­տան-Շուէտ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ծի­րին մէջ։ Նիս­տը ամ­փո­փուե­ցաւ Շու­շան Կա­րապե­տեանի (Հա­րաւա­յին Գա­լիֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րան) դի­տար­կումնե­րով։

Եւ ի վեր­ջոյ գի­տաժո­ղովի կլոր սե­ղանը «Սփիւռքը՝ պե­տակա­նազուրկ ուժ» վեր­տա­ռու­թեամբ, որուն մաս­նա­կից­ներն էին Դա­լար Շա­հինեան (Գա­լիֆոր­նիոյ Ըր­վայն հա­մալ­սա­րանէն), Սօսի Գա­սպարեան (Սթիր­լինկ Հա­մալ­սա­րանէն, Միացեալ Թագաւորութիւն) եւ Ցո­լին Նալ­պանտեան (Հէյ­տըն հա­մալ­սա­րան, Նետերլանտներ), ինչպէս նաեւ Պո­րիս Աճէ­մեան, Վա­հէ Սա­հակեան եւ Խա­չիկ Թէօլէօլեան։ Կլոր սե­ղանը քննար­կեց 2019-ին 

Լոս Ան­ճըլըսի մէջ կա­յացած «Սփիւռքը՝ պե­տակա­նազուրկ ուժ» գի­տաժո­ղովին նուիրուած հրա­տարա­կու­թիւնը, որուն խմբա­գիր­ներն են Դա­լար Շա­հինեան, Սօսի Գա­սպարեան եւ Ցո­լին Նալ­պանտեան։ Նկա­տի առ­նե­լով որ 2019-ի գի­տաժո­ղովը նուիրուած էր Խա­չիկ Թէօլէօլեանի սփիւռքա­գիտու­թեան աս­պա­րէզին ու­նե­ցած մեծ ներդրու­մին ու վաս­տա­կին, սոյն հրա­տարա­կու­թեան ներ­կա­յացու­մին առ­թիւ քիչ չէին Թէօլէօլեանին ուղղուած մե­ծարան­քի ու գնա­հատան­քի խօս­քերը։ Բո­լոր անոնք որոնք սփիւռքա­գիտու­թեամբ կը զբա­ղին միշտ յղում կ՚ընեն անոր կա­րեւոր տե­սու­թիւննե­րուն եւ անդրազ­գայնու­թեան գա­ղափար­նե­րուն։

Եզ­րա­փակիչ նիս­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ Խա­չիկ Թէօլէօլեանի եւ Մի­շէլ Պրիւ­նո­յի (CNRS-ի գի­տաշ­խա­տող, Ֆրան­սա) մաս­նակցու­թեամբ, որոնք ձե­ւով մը ամ­փո­փեցին սոյն գի­տաժո­ղովին հիմ­նա­կան նո­րու­թիւննե­րը՝ թուային աշ­խարհը, սփիւռքի տե­սական հար­ցե­րու քննար­կումնե­րը եւ սփիւռք(ներ)ու շար­ժումի գա­ղափա­րը՝ Արե­ւել­քէն Արեւ­մուտք, Արեւ­մուտքի մէջ երի­տասար­դութեան նոր յղա­ցումնե­րը, որոնք աւան­դա­կան կա­ռոյցնե­րէն դուրս իրենց աշ­խարհը կ՚ու­զեն ստեղ­ծել, Հա­յաս­տա­նի հետ նոր յա­րաբե­րու­թիւններ մշա­կել…։ Ապա Խա­չիկ Թէօլէօլեան ան­գամ մը եւս խօսք առաւ եւ անդրա­դար­ձաւ եր­կօ­րեայ գի­տաժո­ղովին ար­ծարծուած նիւ­թե­րուն, սփիւռքա­գիտու­թեան աս­պա­րէզին մէջ անդրազ­գայնու­թիւնը հիմ­նա­ւորող երե­ւոյթնե­րուն, պե­տակա­նազուրկ հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րու ընդհան­րայնաց­ման, հա­մաշ­խարհայ­նացման, աշ­խարհա­կար­գի նոր ըն­կա­լումնե­րուն, որոնց մէջ ապա­գային մեծ դեր­կա­տարու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ թուային աշ­խարհը։

Խ. Թէօլէօլեանի երեք կա­րեւոր եզ­րա­յան­գումներն էին՝

– սփիւռք(ներ)ը հետզհե­տէ առա­ւել պի­տի զար­գա­նան եւ տե­ւական իրո­ղու­թիւն մը պի­տի դառ­նան, 

– բո­լոր ազ­գե­րը իրենց սփիւռք(ներ)ը կ՚ու­նե­նան, որ ան­դառնա­լի երե­ւոյթ մըն է, մա՛նա­ւանդ որ թուայ­նա­ցած աշ­խարհը կ՚օգ­նէ նման սփիւռք(ներ)ու զար­գա­ցու­մին,

– սփիւռք(ներ)ը, իբ­րեւ ուժ, իրենց ծննդա­վայ­րի պե­տու­թիւննե­րուն հետ տնտե­սական յա­րաբե­րու­թիւններ զար­գացնող եւ նոր մշա­կոյթներ ձե­ւա­­ւո­րող խմբա­ւորումներ են։

Թ. Շ. ■

Խմբագրական