Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հանդիսաւոր ընդունելութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի վերանկախացած Հանրապետութեան բանակի 32-րդ տարեդարձին

Փետրուար 13-ին, Փարիզի Marois պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վերանկախացած Հանրապետութեան բանակի 32-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր ընդունելութիւնը, որուն մասնակցեցան Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմի, Արտաքին գործոց եւ Բանակներու նախարարութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, Ծերակոյտի անդամներ, Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, հասարակական գործիչներ եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Իր ելոյթին դեսպան Տոլմաջեան նշեց, որ Հայոց բանակի ստեղծումը անմիջականօրէն եւ անքակտելիօրէն միահիւսուած է հայ ժողովուրդի բազմաթիւ սերունդներու երազանքի՝ անկախ հայկական պետականութեան վերականգնման հետ։ “Հայաստանի անկախութեան առաջին իսկ օրէն բանակը կը դիմակայէ անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներ, եւ այսօր ալ ան Հայաստանի անկախութեան գլխաւոր երաշխաւորն է”,– ըսաւ ան եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հաստատուած համագործակցութեան բարձր մակարդակին։  

Վկայակոչելով ֆրանքեւհայկական հազարամեայ պատմութիւն ունեցող բարեկամական կապերը՝ տիկին Տոլմաջեան յիշեցուց առաջին եւ երկրորդ աշխարհամարտերու ընթացքին երկու ժողովուրդներու սերտ զինակցութեան հերոսական դրուագները, այդ կարգին՝ հայազգի մարտիկներու մասնակցութիւնը Ֆրանսայի Դիմադրութեան շարժումին։

Երեկոյթին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի ռազմական կցորդ, գնդապետ Գէորգ Ղոնեան։ Վերջինս ընդգծեց Հայաստանի զինուած ուժերու պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած աջակցութեան կարեւորութիւնը։

Այնուհետեւ «Դպրոցասէր» վարժարանի աշակերտներու կատարողութեամբ, տնօրէն Հայկ Սարգիսեանի ղեկավարութեամբ հնչեցին  Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ազգային փառերգերը, իսկ Փարիզի «Փասքալ» լիսէի հայ աշակերտ Թիպօ Հիւիսիէ կարդաց Դիմադրութեան շարժումի հերոս Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակը՝ ուղղուած կնոջը՝ Մելինէին։

Ընդունելիութիւնը աւարտեցաւ բարեկամական բաժակով մը։