ՓԱՐԻԶ – Ֆրանքեւհայկական ռազմաքաղաքական երկկողմ խորհրդակցութիւններ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդած տեղեկութեան համաձայն՝ Դեկտեմբեր 21-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած են ֆրանքեւհայկական ռազմաքաղաքական երկկողմ խորհրդակցութիւններ։

Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան։ Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։

Ֆրանսական կողմէն խորհրդակցութիւնները վարած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան ընդհանուր տնօրէնուհի Ալիս Ռիւֆօ։

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան առնչուող խնդիրներ, նաեւ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր։ Գոյացած են շարք մը համաձայնութիւններ։

Խմբագրական