Փոխվարչապետի գրասենեակին համաձայն՝ Պաքու չ՚ընդունիր Հայաստանի 31 բնակավայրեր բռնագրաւուած պահելը

Հայ-ազերպայճանական սահմանը՝ Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին մօտակայքը

Ազերպայճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովը գլխաւորող փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը յայտնած է, թէ Ազերպայճան կը մերժէ ընդունիլ, որ բռնագրաւման տակ կը պահէ Հայաստանի 31 ոչ-կղզիացած (անկլաւային) բնակավայրեր։ Եւ ոչ միայն. այս մերժումին զուգահեռ՝ Պաքու կը պահանջէ 4 գիւղի իրեն վերադարձը, առանց զօրքերը հայկական տարածքներէն ետ քաշելու որեւէ մտադրութեան։

«Ազատութիւն» լրասփիւռին այս մասին հարցումին պատասխանելով՝ Փոխվարչապետի գրասենեակէն ըսած են. «Ազերպայճան այդ պահանջը յառաջ կը մղէ յիշատակելով հետեւեալ տեղանունները՝ Բաղանիս Այրում, Աղաշը (ներքին) Ոսկեպար, Խեյրիմլի, Կըզըլ Հաջիլի, միաժամանակ մերժելով ընդունիլ, որ ինք բռնագրաւած է Հայաստանի 31 31 ոչ-կղզիացած բնակավայրերու կենսական նշանակութիւն ներկայացնողտարածքներ»:

Ազերպայճանի պահանջած այս տարածքները Տաւուշի մարզին մէջ են՝ ընդհանրապէս անբնակ։ Անոնց մօտէն կ՚անցնին դէպի Վրաստան միջպետական ճամբան, ինչպէս նաեւ Հայաստան մտնող կազամուղը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի խնդրոյ առարկայ 31 բնակավայրերուն՝ անոնց մէկ մասը Ազերպայճանի տիրապետութեան տակ անցած է 90-ականներու Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին իսկ, մնացեալը՝ 2021-22-ի ազերպայճանական ներխուժումներու հետեւանքով։

Ոչ-կղզիացած այդ տարածքները, զորս Երեւան կենսական նշանակութիւն ներկայացնող կը համարէ, կը  գտնուին հինգ մարզերու մէջ։ Փոխվարչապետի գրասենեակը առաջին անգամ ըլլալով հրապարակած է անոնց անունները. Տաւուշի մէջ՝ Բերքաբեր, Սարիգիւղ, Սեւքար, Վազաշէն, Պառաւաքար, Մովսէս, Արծուաբերդ, Չինարի, Այգեձոր, Սիւնիքի՝ Քաջարանց, Սալվարդ, Գորհայք, Սառնակունք, Անգեղակոթ, Աղիտու, Նորաւան, Վաղատին, Վերիշէն, Խոզնավար, Տեղ, Ներքին Հանդ, Արարատի մարզի՝ Պարոյր Սեւակ, Գեղարքունիքի՝ Սոթք, Կութ, Նորաբակ, Ներքին Շորժա, Վերին Շորժա, Ակունք, Կախակն, Կուտական, Վայոց ձորի՝ Ջերմուկ։

Հայաստանի ԲՉարձրաստիճան պաշտօնատարները կը խօսին ազերպայճանական բռնագրաւման տակ գտնուող ընդհանուր առմամբ 200 քառ. քմ. հայկական տարածքի մասին, մինչ Ազերպայճանի նախագահը յայտարարած է.“Ի հարկէ, մենք մէկ քայլ անգամ ետ չենք երթար թէ՛ 2021 Մայիսի, թէ՛ 2022 Սեպտեմբերի մեր դիրքերէն, քանի որ պէտք է այդ սահմանը հաստատուի”:

 

Խմբագրական