Search
Close this search box.

Փրանկիսկոս պապին մտահոգութիւնն ու կոչը Արցախի տեղահաններուն համար ու կրօնական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ի նպաստ

Վատիկանէն Ռոպէր Աթթարեան կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Հոկտեմբեր 15-ին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Փրանկիսկոս պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած 22 հազար ուխտաւորներուն, նախ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Իսրայէլի ու մասնաւորապէս Կազայի մէջ պատահածին համար, յատկապէս անդրադառնալով նաեւ Արցախի մէջ տիրող կացութեան։

«Նուազ պակաս չէ իմ մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ։ Տեղահաններու մարդասիրական իրավիճակէն անդին,– որ արդէն խիստ ծանր է,– կ՚ուզեմ յատուկ կոչ մը ուղղել տարածաշրջանի վանքերուն եւ աղօթատեղիներուն պաշտպանութեան ի սպաս»,– ըսաւ Սրբազան քահանայապետը մաղթանք յայտնելով, որ «սկսեալ իշխանութիւններէն ու բոլոր բնակիչներէն, անոնք (վանքերը եւ աղօթատեղիները) յարգուին եւ պաշտպանուին, որպէս մշակոյթի մաս, տեղակա՛ն մշակոյթի մաս, հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, որ կարելի կը դարձնէ տարբերութիւններուն մէջ միասին ապրիլը»,– յարեց Սրբազան պապը։ ■