ՔԱՆԻ ՄԸ ՏՈՂՈՎ…

– Հայաստան երկրորդ անգամ անընդմէջ ընտրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր համաժողովի փոխնախագահի պաշտօնին։ Նախորդ ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր 2021-ին։

– 2023 Սեպտեմբեր 19-ին, ի տես՝ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն, Հայաստանի Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչը Հանրապետութեան անունով դիմում կատարած էր ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեան՝ Ազերպայճանի դէմ առժամեայ միջոց կիրարկելու խնդրանքով։

ՄԱԿ-ի միջազգային ատեանը (Լա Հէյ) Նոյեմբեր 17-ին կը հրապարակէ իր որոշումը։

– Նոյեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կը կայանայ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանը: Այս առիթով Հայաստան պիտի ժամանեն շուրջ 50 երկիրներէ 300 պատուիրակներ։

Հիւրընկալող կողմը Ազգային ժողովն է։

Խմբագրական