Search
Close this search box.

Օդային ճանապարհը պիտի բացուի՞

Արցախի մարդասիրական աղէտը օրէ-օր կը սաստկանայ։ Չի բաւեր Բերձորի միջանցքի խափանումը, Ազերպայճան աւելի ու աւելի կը լկտիանայ՝ անարգելով միջազգային իրաւական ու բարոյական օրէնքներն ալ։ Վերջին արարքը՝ արցախցի երեք երիտասարդներու անօրէն, տմարդի առեւանգումն էր, որոնք պաշպանեալներն էին ռուս խաղաղապահներու, որոնք նախապէս համաձայնած էին ազերի սահմանապահներու հետ, Հակարիի կամուրջի «սահմանակէտը» անարգել անցնելու շուրջ։ Ռուսաստանի վարկը այս աստիճան չէր նուաստացած, ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Արցախի մէջ։ Մա՛նաւանդ Արցախի, երբ պատերազմէն ետք տասնեակ հազարաւոր Արցախցիներ հաւատալով ռուս խաղաղապահ զօրքերու պաշպանութեան՝ վերադարձան իրենց բնօրրանը, խաղաղօրէն ապրելու թէկուզ իբրեւ ռուսահպատակ։

Ազերպայճանի լկտիացումին մէկ այլ դրսեւորումը եղաւ, իբրեւ մարդասիրական արարք՝ երկու բեռնակառք ալիւր առաքելու քայլը Ազեպայճանի Կարմիր Մահիկին միջոցաւ, Ակնայ-Ստեփանակերտ ուղիով։ 261 օր է Արցախցիները օրական հացէ զրկելէ ետք, երկու բեռնակառք ալիւրը կրնար դեռ մի քանի ամիս ալ սպասել… Անդին, Բերձորի միջանցքի բերնին Հայաստանի կառավարութեան ուղարկած 19 բեռնակառքերը արդէն Յուլիս 26-էն ի վեր անշարժացած կը սպասեն ազերական սահմանապահներու արտօնութեան, օգնութիւնը հասցնելու համար աղէտեալ Արցախցիներուն։ Դեռ չխօսինք հրազէնային բոլոր այն յարձակումներուն մասին, որոնց ենթակայ կ՚ըլլան արցախցի գիւղացիները, իրենց դաշտերը մշակելու ընթացքին…

Ֆրանսա Արցախի մարդասիրական աղէտին դիմաց թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ քաղաքական նախաձեռնութիւններու կը դիմէ, սկսեալ նախագահ Մաքրոնէն, որ Ֆրանսայի դեսպաններու համագումարին յայտարարեց, թէ Ֆրանսա պիտի պահանջէ Լաչինի միջանցքի անցքին բացարձակ յարգանքը եւ այս ուղղութեամբ դիւանագիտական նախաձեռնութեան պիտի դիմէ միջազգային ճնշումը հզօրացնելու համար։ Արդէն, «Լը Ֆիկառօ» եւ «Լը Փուան» թերթերուն մէջ լուրեր կը շրջէին, թէ Ֆրանսայի նախագահը հանդէս պիտի գայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ նոր բանաձեւով մը Բերձորի վերաբացման վերաբերեալ…

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) յայտարարեց, որ Օգոստոս 30-ին Հայաստան կը ժամանէ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ, որ պիտի ուղեկցի Երեւանէն դէպի Բերձորի միջանցք գացող բեռնատարներու շարասիւնին։ Ֆրանսայէն մարդասիրական օգնութիւն առաքած են Փարիզի քաղաքապետարանը, Իլ-տը-Ֆրանս, Օվերնեը-Ռոն-Ալփ, Հօ-տը-Ֆրանս, Օքսիթանիա, Փէի-տը-լա-Լուառ շրջանները։

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Քաթրին Գոլոնա «անօրինական ու անբարոյական» որակեց Արցախի Հայերը արտագաղթի ստիպելու Ազերպայճանի քաղաքականութիւնը։

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Օգոստոս 28-ին կառավարութեան նիստէն ետք հանրութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Անկախ ամէն ինչից՝ ճանապարհի հարցը պիտի լուծուի։ Մինչեւ այսօր սպասել ենք, հաւատացել ենք՝ Փութինին էլ ենք հաւատացել, Պայտընին էլ ենք հաւատացել, Մաքրոնին ու Հայաստանի իշխանութեանն էլ ենք հաւատացել… Բայց մեզ թողել են պատանդի կարգավիճակում»։

Ցարդ, մարդասիրական օգնութիւնը հանգուցալուծուելու շատ մեծ նշոյլներ չկան։ Միակ նախաձեռնութիւնը որ կրնայ յոյս ներշնչել՝ Լիխթընշթայնի իշխան Միքայէլի յայտարարութիւնն է որ ինք ու մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալող քանի մը առաջնորդներ պատրաստակամութիւն յայտնած են օդանաւով մարդասիրական օգնութիւն փոխադրելու Արցախ։ Պէտք է խօսքէն անցնիլ գործի, որ Արցախցիներուն մէջ հաւատքը վերահաստատուի։ Երկինքի ճամբան պիտի բացուի՞ երկրային խնդիրները լուծելու համար։

Ժ.Չ. ■