Search
Close this search box.

ՖՈՒԹՊՈԼ – Եւրօ-2024 – Թուրքիա–Հայաստան՝ 1–1. ափսո՜ս

Ֆութպոլի Եւրօ-2024 մրցաշարքի զտման մրցումներուն ի հաշիւ, Դ. խմբակին մէջ Սեպտեմբեր 8-ին թրքական Էսքիշէհիր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականներու մրցումը, ծանօթ եւ հասկնալի պատճառներով՝ իւրայատուկ մթնոլորտի մէջ։

Երթի մրցումին արդէն յաջող խաղարկութիւն մը ցուցաբերած ըլլալով հանդերձ՝ 1-2 պարտութիւն կրած հայրենի հաւաքականը այս անգամ գերազանցօրէն աւելի յաջող խաղարկութիւնով մը պատիւ բերաւ համայն Հայութեան։ 

Հայ մարզիկները մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջին սուլոցը պայքարեցան սրտանց, ոգիով, տուին ամէն ինչ որ կրնային տալ։ Եւ վարձատրուեցան ալ։ Հակառակորդի դարպասին մղուած վտանգաւոր քանի մը գրոհէ ետք, Ա. կիսախաղին կրնային հաշիւը բանալ, բայց երկու հաւաքականները միջնարար հասան 0–0 արդիւնքով։ Բ. կիսախաղին սկիզբը՝ 49-րդ վայրկեանին հայրենի հաւաքականը Արտակ Դաշեանի արձանագրած կոլով 1–0 առաջ անցաւ, սահմռկեցնելով մարզադաշտը լեցուցած տասնեակ հազարաւոր թուրք համակիրները։

Այդ պահէն սկսեալ երկվայրկեանները թուեցան ժամեր։ Պէտք էր դիմանալ 41 վայրկեան եւս պատմական եւ մա՛նաւանդ այնքա՜ն խորհրդանշական յաղթանակ մը տանելու համար։ Այսպէս, երկվայրկեանները, վայրկեանները սահեցան իրարու ետեւէ ու երբ այլեւս հայ ակնդիրը սկսեր էր հաւատալ այդ պատուական յաղթանակին, 88-րդ վայրկեանին հասաւ թրքական հաւաքականին կոլը, հաւասարեցնելով արդիւնքը՝ 1–1, որ եղաւ վերջնական։ 

Ի դէպ, Թուրքերուն համար այս հաւասարութիւնը ամօթալի է, գրեթէ պարտութիւն մը, այնքան որ կը թերագնահատեն Հայաստանը, եւ անշուշտ ոչ միայն ֆութպոլի առումով։ 

Այս մրցումէն ետք Դ. խմբակի դասաւորումը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.

1- Թուրքիա (5 խաղ՝ 10 կէտ),

2- Խրուաթիա (3 խաղ՝ 7 կէտ)

3- Հայաստան (4 խաղ՝ 7 կէտ)

4- Կալլէս (4 խաղ՝ 4 կէտ)

5- Լաթվիա (4 խաղ՝ 0 կէտ)։

Հայաստանի յաջորդ մրցումը Սեպտեմբեր 11-ին, Խրուաթիոյ դէմ է։ Այս խմբակէն որակուելու տեսանկիւնէն՝ իսկապէս լինելութեան ճակատում մըն է այս, քանի,–   որքան ալ դժուար առաքելութիւն ըլլայ խրուաթական հզօր խումբին դէմ,– յաջողութեան պարագային՝ Հայաստան լրջօրէն կրնայ յոյս փայփայել իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Եւրոյի աւարտական փուլին մասնակցելու։

«ԼՈՒՍԱՆՑՔԱՅԻՆ» ՄԱՐԳԱՐԻՏՆԵՐ

Թրքական իշխանութիւնները մրցումէն առաջ յայտարարեր էին, թէ խաղի ընթացքին ազերպայճանական որեւէ դրօշի ցուցադրում պիտի արգիլուի։ Սակայն, մարզականին քաղաքական բնոյթ տալու միտող քայլերու խոչընդոտման «փափկանկատութիւն»-ը ասով կը սկսէր ու ասով ալ կը վերջանար։ Քանի որ՝

– Մրցումէն առաջ խումբ մը թուրք համակիրներ ազատ-համարձակ ցուցադրեցին Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակներու նկարները, կողքին ալ՝ Հայերը նսեմացնող հայհոյալից քառեակ մը (ուր շուները կը գերադասուէին Հայոց) կրող պաստառով։

– Որոշ ատենէ ի վեր սովորութիւն դարձած է, որ խաղացողները դաշտ ելլեն հակառակորդ խումբին մարզաշապիկը կրող պզտիկներու ձեռքը բռնած։ Հայ խաղացողի մը ձեռքը բռնելու կոչուած պզտիկներէն աղջնակ մը ընդհանուր ուշադրութենէն չվրիպեցաւ իր յամառ ընդդիմացումով, ձեռքը չտալով։ Աւելի ուշ, մրցումէն ետք, ընկերային ցանցերու վրայ հերոսաց(ուեց)աւ այդ աղջնակը, որու ծնողները խրատեր են ձեռքը չմեկնել հայ մարզիկին։ Այս պայմաններուն մէջ, դեռ պէտք է զարմանալ, որ կարելի եղեր է 11 ուրիշ փոքրիկ «ճարել», որոնց ծնողները ընդուներ են իրենց զաւակներուն՝ Հայաստանի մարզաշապիկը կրելը։ Եթէ մեր ընթերցողները կը յիշեն, քանի մը տարի առաջ, Էրզրումի կամ Կարսի մէջ, անկարելի եղած էր Հայու դերը ստանձնող կամաւոր գտնել, «Հայոց դաժանութիւնները» բեմականացնող ներկայացման համար։ 

– Դաշտին վրայ, Հայաստանի փառերգը,– բաղդատած անոր յաջորդած թրքականին,– «հնչեց» հազիւ լսելի ձայնային բարձրութեամբ (մասամբ նաեւ 35000-ին սուլոցներուն պատճառաւ)։

Տա՛յ Աստուած, որ մեր այս տողերը չընկալուին հայ-թրքական եւ հայ-ազերպայճանական այնքա՜ն «խաղաղ բանակցութիւնները» (այս բնութագրումը՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն փոխառումով) խոչընդոտելու միտող փորձ։