Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի ֆոնեթոնը – Հանգանակուեցաւ շուրջ 2,3 միլիոն եւրօ

Այս տարուան Ֆոնեթոնի «կնքամայր»-ը՝ Քաթիա Կիրակոսեան (ձախէն երկրորդը), Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեանի եւ կամաւորներու հետ

 

Նոյեմբեր 16-19 տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի կազմակերպած տարեկան Ֆոնեթոնը։ Այս չորս օրերու երկայնքին անձնուէր կամաւորներ կապ հաստատեցին իրենց տրամադրութեան տակ դրուած հեռաձայնի թիւերու միջոցով՝ ֆրանսահայ համայնքի անդամներու եւ ընկերակցութիւններու հետ, յատկապէս՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյր-եղբայրներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու ազնիւ նպատակին ի խնդիր, քանի որ Ֆոնեթոնի այս տարուան հասոյթը անոնց կարիքներուն պիտի յատկացուի։ 

Կիրակի, Նոյեմբեր 19-ին երբ հեռաձայնի արշաւը վերջ կը գտնէր ու կամաւորները վար կը դնէին իրենց ձեռքի ընկալուչը, արդէն 2,3 միլիոն եւրոյի նուիրատւութիւն կամ նուիրատւութեան խոստում կատարուած էր, ինչ որ անհերքելի յաջողութիւն մըն է։ 

Այս տարուան Ֆոնեթոնի նշանաբանն էր «Դիմադրել աւելի քան երբեք», եւ որպէս «կնքամայր» ունէր՝ Մելինէ Մանուշեանի քրոջ՝ Արմենուհիին թոռնիկը՝ Քաթիա Կիրակոսեանը, որ կը խորհրդանշէր իր պապերուն ցուցաբերած դիմադրական ոգին (տե՛ս. ստորեւ), զոր ցուցաբերեցին Արցախցիները եւ որուն դեռ այնքան կարիքը ունինք ազգովին, ներկայ պայմաններուն մէջ։ 

Աւելցնենք, որ անոնք, որոնց հետ Ֆոնեթոնի կամաւորները կարելիութիւնը չունեցան կապ հաստատելու եւ կը փափաքին իրենց լուման բերել այս սրբազան նպատակին, դեռ ուշ չէ, կրնան նուէրներ ընել, կա՛մ առցանց՝ այցելելով https://dons.fondsarmenien.org/phonethon հասցէն, կա՛մ ալ հեռաձայնելով 08 09 54 26 26 անվճար թիւին։ 

«Դիմադրել աւելի քան երբեք» (Résister plus que jamais)

Հանգանակուած գումարը պիտի յատկացուի Արցախէն բռնի տեղահանուածները բնակարանով եւ աշխատանքով ապահովելու նպատակին

«Հայաստան» հիմնադրամի 2023-ի Ֆոնեթոնին նշանաբանն էր «Դիմադրութիւն»-ը, որ կը խորհրդանշէր Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանը։ Այս տարուան արշաւին «կնքամայր»-ն էր վերջիններուս զարմուհին՝ Քաթիա Կիրակոսեանը (Մելինէի քրոջ՝ Արմենուհիին թոռնիկը)։ Ինչպէս ծանօթ է, 2024-ին «Կարմիր Որմազդ»-ի դիմադրական խմբակի ղեկավարին աճիւնները պիտի փոխադրուին Փարիզի Պանթէոնը, ուր կը հանգչին ֆրանսացի ՄԵԾ-երը։

Միսաք Մանուշեանի՝ ազատութեան սիրոյն եւ բռնատիրութեան դէմ պայքարը կը խորհրդանշէ Արցախցիներուն՝ իրենց հողին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու համար մղած պայքարը, որոնք նախընտրեցին տառապանքը քան՝ գերութիւնը, եւ մահուան ստոյգ սպառնալիքի դէմ-յանդիման՝ բռնեցին տարագրութեան ճամբան։

2020-ի պատերազմէն ետք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր ջանքերը կեդրոնացուցած է յատկապէս Սիւնիքի մարզին վրայ։ Այնտեղ գտնուող 140 գիւղերէն 80-ին մէջ զանազան տեսակի գործունէութիւն ծաւալած է անասնաբուծութեան, գիւղատնտեսութեան, ցորենի ցանքի, հաւաբուծութեան, մեղուաբուծութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ջուրի ցանցերու ստեղծման այն գիւղերուն մէջ, ուր մարդիկ տակաւին աղբիւրի ջուրէն կ՚օգտուին։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը ապաստանած են աւելի քան ութ հազար Արցախցիներ, որոնք ունին ծով կարիքներ։ Որոշ գիւղերու մէջ կան լքուած տուներ, որոնց բնակիչները կամ երկար տարիներ առաջ եւ կամ վերջին շրջանին արտագաղթած են։ Այս բնակարաններէն մաս մը կարելի է նորոգել եւ յատկացնել արցախցի ընտանիքներուն, հազար մեթր տնամերձ այգիով, որպէսզի կարենան իրենց ապրուստի մէկ մասը ինքնաբաւ կերպով ապահովել։ Իւրաքանչիւր բնակարանի վերանորոգումը եւ գիւղատնտեսութեան կարգ մը անհրաժեշտ սարքերու գնումը շուրջ տասը հազար տոլար ծախս կը պահանջէ։

Ասկէ բացի կան նաեւ կարգ մը գիւղեր, որոնք ունին համայնքապատկան հողամասեր, որոնց վրայ կարելի է նոր տուներ կառուցել, նոյնպէս հազար քառակուսի մեթր տնամերձ այգիով։ Վարչական ձեւակերպումները ընթացքի մէջ են, այս հողամասերու վրայ նոր տուներ կառուցելու համար։

Բնականաբար այս ամէնուն կողքին պէտք է նաեւ վերահաստատուած Արցախցիները ապահովել մնայուն, կայուն աշխատանքով։

«Հայաստան» հիմնադրամին համար Սիւնիքի տարածքը ընդհանրապէս նոր աշխատանքի դաշտ մըն է, նկատի ունենալով, որ ցարդ կազմակերպութիւնը իր ուժերը կեդրոնացուցած էր Արցախի եւ Տաւուշի վրայ։ Անշուշտ Տաւուշի մէջ կը շարունակուին աշխատանքները։ Հոն՝ Լուսաձորի շրջանին մօտ գտնուող հինգ հեկտար հողատարածք մը կայ, ուր կարելի է նոր բնակարաններ կառուցելու ծրագիր մը իրագործել։ ■

Խմբագրական