ՖՐԱՆՍԱ – Լիլի Քաղաքական գիտութիւններու համալսարանին մէջ կազմակերպուած  համաժողովին ներկայացուած են Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումները

Ապրիլ 10-ին Ֆրանսայի Քաղաքական գիտութիւններու (Sciences Po) համալսարանի Լիլ քաղաքի մասնաճիւղոին մէջ կայացած է «Ֆրանսա-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութիւն․ վերակերտուած  տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւն Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժումէն յետոյ» խորագիրը կրող համաժողովը։

Ան կազմակերպուած է վերոյիշեալ համալսարանի «Munwalk» ուսանողական ընկերակցութեան կողմէ։

Համաժողովին որպէս բանախօս հանդէս եկած են Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Սթրազպուրկի համալսարանի միջազգային իրաւունքի դասախօս, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Էտուարտօ Սթոփիոնի, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, վերլուծաբան եւ աշխարհաքաղաքագէտ Տիգրան Եկաւեան։

Բանախօսները համապարփակ ձեւով ներկայացուցած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, այս համածիրին մէջ ընդգծելով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները, ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած  քայլերու կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային, ինչպէս նաեւ Արցախէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումէն յետոյ յառաջացած մարդասիրական մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու նպատակով։

Ուսանողներու խնդրանքով բանախօսները անդրադարձած են նաեւ Արցախի հակամարտութեան պատմական եւ իրաւական հանգամանքներուն, Ազերպայճանի պետական մակարդակով քարոզած հայատեացութեան եւ այդ երկրի ռազմատենչ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու միտող հայկական կողմի շարունակական ջանքերուն։

Համաժողովին ներկայ եղած են Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի խորհուրդի, Լիլի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Քաղաքական գիտութիւններու համալսարանի Լիլ քաղաքի մասնաճիւղի նախագահ Էթիէն Փեյրա, հանդիպման կազմակերպիչ ուսանողական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ։

Համաժողովին նախորդած է դեսպան Տոլմաջեանի հանդիպումը համալսարանի տնօրէն Էթիէն Փեյրայի հետ, որ Հարաւային Կովկասի հարցերու մասնագէտ է։ Անոնք միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ։

Խմբագրական