ՖՐԱՆՍԱ – Ծերակոյտը որդեգրեց Ազերպայճանի դէմ պատիժներ պահանջող բանաձեւը

Նիստին ներկայ էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ

Յունուար 17-ի երեկոյեան Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 թեր եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերութեամբ որդեգրեց Ազերպայճանի դէմ պատիժներու կիրարկում առաջարկող բանաձեւը, այդ երկրին կոչ ընելով երաշխաւորելու տեղահանուած հայերու՝ Արցախ վերադառնալու իրաւունքները:

Բանաձեւը կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, կը դատապարտէ Ազերպայճանի՝ իր դաշնակիցներու աջակցութեամբ 2023 Սեպտեմբեր 19-ին եւ 20-ին Արցախի մէջ կատարած ռազմական յարձակումը, կոչ կ՚ընէ ազերպայճանական զօրքերու եւ անոնց դաշնակիցներուն անյապաղ եւ անվերապահ քաշուելուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, կը դատապարտէ Արցախի քաղաքական առաջնորդներու կամայական ձերբակալութիւնները, կոչ կ՚ուղղէ՝ զինուած ընդհարման պարագային Ազերպայճանը հեռացնելու մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջկառավարական յանձնաժողովէն, կ՚ընդգծէ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ փորձագէտներու միջազգային խումբի ստեղծման եւ Արցախ գործուղման կարեւորութիւնը՝ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան իրավիճակի վերաբերեալ տեղեկատուական զեկոյց պատրաստելու համար, կարեւոր կը նկատէ խիստ միջոցներու ձեռնարկումը, այդ կարգին՝ Ազերպայճանի ղեկավարներու գոյքերու առգրաւումը եւ արգելք հանդիսանալ Պաքուի քարիւղի ու կազի ներածման։  

Բանաձեւին մէջ նշուած է, թէ  Հայաստան իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ՝ ապահովելու իր անվտանգութիւնը, այդ կարգին՝ ռազմական ճանապարհով։

Բանաձեւին համահեղինակներն են՝ Ծերակոյտի բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններու ղեկավարները` Պրիւնօ Ռըթայօ, Մարիզ Քարեր, Սեսիլ Քիւքերման, Կիյոմ Կոնթար, Փաթրիք Քաներ, Հերվէ Մարսեյ, Գլոտ Մալհիւրէ եւ Ֆրանսուա Փաթրիա, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ:

Ծերակոյտի նիստը կը նախագահէր փոխնագահ Սոֆի Փրիմա։ Նիստին ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ։

Բանաձեւի ընդունման նիստին պատուոյ հիւրի կարգավիճակով ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

Ի պատասխան Ծերակոյտի բանաձեւին՝ Պաքուի խորհրդարանը կոչ կ՚ընէ պատիժներ սահմանելու Ֆրանսայի դէմ

Յունուար 18-ին, հակադարձելով Ծերակոյտի որդեգրած բանաձեւին՝ Ազերպայճանի Միլլի Մեճլիսի (խորհրդարան) միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կոչ ուղղած է կառավարութեան՝ պատիժներ կիրարկելու Ֆրանսայի դէմ, սառեցնելու Ազերպայճանի մէջ ֆրանսացի պաշտօնատարներու ունեցուածքը, դադրեցնելու տնտեսական կապերը Ֆրանսայի հետ եւ ֆրանսական բոլոր ընկերութիւնները՝  այդ կարգին՝ Total-ը, վտարելու Ազերպայճանէն, արգիլելու ֆրանսական ընկերութիւններուն մասնակցութիւնը պետական ծրագրերուն, յանձնարարելու Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան քայլերու ձեռնարկելու Քանաքի, Մաոհիի եւ Գորսիքայի անկախութիւնը ճանչնալու ուղղութեամբ։ 

Ըստ ազերպայճանական APA լրատու գործակալութեան՝ յանձնաժողովը հակաազերպայճանական համարած է Ֆրանսայի վարած քաղաքականութիւնը։

Ընդգծելով Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի՝ Ազերպայճանի դէմ որդեգրած բանաձեւերը, յանձնաժողովը յայտարարած է, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմութեան մէջ ամէնէն ցած մակարդակի վրայ, «ըստ էութեան, կրնան կասեցուած համարուիլ»։

Խմբագրական