Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Նախագահ Մաքրոն բանակին յղած ուղերձին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանին

Յունուար 19-ին, նախագահ Մաքրոն երկրի զինեալ ուժերուն յղուած տարեմուտի աւանդական մաղթանքներուն, ի միջի այլոց, յայտարարեց, թէ 2024-ին Ֆրանսա անխոնջ կերպով պիտի ապահովէ իր անդրծովեան տարածքներու պաշտպանութիւնը եւ յառաջ պիտի տանի այն պարտաւորութիւնները, որոնք դրուած են ֆրանսացի մեծ ազգին ուսերուն: 

“Այստեղ ես զանց պիտի առնեմ զանոնք մանրամասնութեամբ թուարկել. բայց, կրնամ յիշել, զորօրինակ, մեր ուշադրութեան կեդրոնը գտնուող Պալքանները, Հայաստանը, որոնք մեզ առաջնորդեցին ճշդելու դիրքորոշում մը եւ կայացնելու պատմական որոշումներ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, որ նոր յիշատակեցի”,– ըսաւ ան: