ՖՐԱՆՍԱ – Ողբերգական դէպք՝ Հայերու ներգրաւումով

Արիէժ նահանգին մէջ կառք մը խուժած է ցուցարար հողագործներուն վրայ. 2 մեռեալ, նաեւ՝ վիրաւորներ, որոնցմէ մէկը ծանր վիճակի մէջ

Երեքշաբթի, Յունուար 23-ի առաւօտեան ժամը 5.30-ին ողբերգական դէպք մը պատահած է Ֆրանսայի Արիէժ նահանգին մէջ, որ մեծ արձագանգ գտաւ ամբողջ երկրի տարածքին ու խոր յուզում յառաջացուց, քանի որ  ակամայ կ՚առնչուի նաեւ ընկերային բողոքի շարժումի մը։

Այս օրերուն ֆրանսացի հողագործներու դժգոհութեան ալիքը հետզհետէ կը ծաւալի. անոնք սկսած են ձեռնարկել ծայրագոյն քայլին՝ միջքաղաքային մայր ճանապարհներու, կառուղիներու փակման արարքներու։ 

Այսպէս, անոնք փակած էին Ազգային թիւ 20 ճանապարհը (Nationale 20)՝ Արիէժ նահանգի Փամիէ բնակավայրի հատուածին մէջ, ուր հերթով ալ կը հսկէին իրենց տեղադրած պատնէշներուն։ 

Երեքշաբթի առաւօտ, կառք մը, որ ըստ նախնական հետաքննութեան՝  արդէն մտած էր ճամբուն՝ սկզբունքով փակուած մէկ հատուածը, տեսողութեան անբարենպաստ պայմաններու մէջ սաստիկ արագութեամբ խուժած է հողագործներու բարձրացուցած յարդէ պատնէշներէն մէկուն վրայ, որու ետին ալ կը գտնուէր առժամեայ «սրճարան» մը՝ ցուցարարները տաք խմիչքով ապահովելու համար։ Արկածին, տեղւոյն վրայ զոհ գացած է 37-ամեայ հողագործուհի մը, իսկ անոր ամուսինն ու դեռատի դուստրն ալ որոնք ծանրօրէն վիրաւորուած էին, հիւանդանոց փոխադրուած էին, ուր մահացած է նաեւ պարմանուհին։ Կան նաեւ աւելի թեթեւ վիրաւորուած քանի մը ուրիշներ։

Նախնական տուեալներու համաձայն՝ կառքին մէջ կը գտնուէին հայ զոյգ մը եւ անոնց մէկ բարեկամը, որոնք Թուլուզէն Անտորա կ՚երթային։ Երեքն ալ Հայաստանի քաղաքացի են եւ իրենց դէմ ֆրանսան լքելու հրահանգ արձակուած էր։ Ալքոլի եւ թմրեցուցիչի քննութիւններու արդիւնքները ժխտական են, այսինքն անոնցմէ ոչ մէկը գինով էր կամ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ։ «Ծանր հանգամանքներու տակ ակամայ մարդասպանութեան» հետաքննութեան ձեռնարկուած է։

*  *  *

Այս առիթով, CCAF հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր ցաւակցութիւն կը յայտնուի զոհերու հարազատաներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հողագործական համայն աշխարհին։ Կը դատապարտուին նաեւ,– յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ,– արկածին պատասխանատուներուն հայկական ծագումին առնչուող՝ ցեղապաշտական բոլոր շահարկումները։ ■

Խմբագրական