Ֆրանսա 15 միլիոն եւրօ եւս հրատապ մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ Հայաստանին եւ Արցախէն տեղահանուածներուն

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դեկտեմբեր 8-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի Խորհրդարանը Նոյեմբեր 30-ին որոշած է 15 միլիոն եւրօ լրացուցիչ մարդասիրական օգնութիւն յատկացնել Հայաստանին եւ Արցախէն տեղահանուածներուն։ 

Ընդհանուր առմամբ 2023-ին Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին յատկացուող օժանդակութեան ծաւալը կը կազմէ 27,5 միլիոն եւրօ։

 

Խմբագրական