Search
Close this search box.

10 հազար ազերպայճանցի դպրոցական մասնակցած է «Վերադարձ Արեւմտեան Ազերպայճան» ողիմպիականին

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու՝ Ազերպայճանի մէջ Ապրիլ 27-ին տեղի ունեցած է «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ազերպայճան» ողիմպիականի տարածաշրջանային (քաղաքներու) փուլը, որ կազմակերպուած է 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներու միջեւ։

Կը նշուի, որ ողիմպիականի սկզբնական փուլին մասնակցած է շուրջ 10.000 աշակերտ։

«Ողիմպիականի կազմակերպման նպատակն է աշակերտները ծանօթացնել Արեւմտեան Ազերպայճանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթին, գրականութեան, ականաւոր հասարակական գործիչներուն, պատմական գործիչներուն, տեղանուններուն եւ բանահիւսութեան ու ապահովել գիտելիքներու խոր զարգացում»,– կը գրեն ազերպայճանական լրասփիւռները։

Յիշեցնենք, որ «Արեւմտեան Ազերպայճան» ըսելով դրացի երկիրը նկատի ունի Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄԲՈՂՋ տարածքը։