AFP. «Ղարաբաղի Հայերը չեն հաւատար Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան»

 

«Նախքան ազերպայճանական զօրքերու յարձակումը Հայաստան փախիլը, Սուրէն Մարտիրոսեան վերջին անգամ դիտած է Արցախ գտնուող իր պտղատու այգին, եւ այդ օրուընէ ի վեր այդ տեսարանը կը հետապնդէ զինք:

“Մեր գեղեցիկ այգիի պատկերը, որ ես վերջին անգամ տեսայ, տակաւին աչքիս առջեւն է. նուռն ու արքայանարինջը կը փայլէին ծառերուն վրայ՝ պայծառ արեւուն տակ”,– կ՚ըսէ ան, նայելով իր կոշտացած ձեռքերուն»,– կը հաղորդէ AFP:

«65-ամեայ Ղարաբաղցիին ութ հոգինոց ընտանիքը մաս կը կազմէ այն աւելի քան 100 հազար Հայերուն, որոնք փախան Ղարաբաղէն, երբ Ազերպայճան սեպտեմբերեան կայծակնային յարձակման ընթացքին գրաւեց շատոնց վիճելի տարածաշրջանը: Լեռնային շրջապատուած տարածքի ամբողջ հայ բնակչութեան արտագաղթը Հայաստանի մէջ գաղթականներու ճգնաժամի պատճառ դարձաւ։

“Սեպտեմբեր 19-ին մեր տունէն քիչ հեռու լսեցինք գնդացիրներու կրակոցներ ու հրետանիի արկերու պայթումներ”,– կը պատմէ Սուրէնի հարսը՝ Արեւիկը։ “Սկիզբը կը խորհէինք, որ սա յաջորդական բախումն է Թուրքերուն հետ (նկատի ունենալով Ազերպայճանցիները), բայց յետոյ եկաւ մեր գիւղապետն ու ըսաւ, որ բոլորս պէտք է փախինք, քանի որ Թուրքերը արդէն գիւղին մուտքին են”,– կ՚աւելցնէ ան։  

Այժմ Մարտիրոսեանները կ՚ապրին պետական օգնութեան շնորհիւ վարձուած խարխուլ տունի մը մէջ՝ Երեւանէն շուրջ 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Նոյակերտ գիւղը։

Սուրէն ռուս խաղաղապահներն ու Հայաստանի կառավարութիւնը կը մեղադրէ Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկման մէջ․ “Մեր բանակը քաջաբար մարտնչեց՝ պաշտպանելով մեր հայրենիքը, Ռուսաստանն ու Հայաստանի կառավարութիւնն է որ պարտուեցան Ղարաբաղի մէջ”:

Սեպտեմբեր 26-ին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի ստորագրած հրամանագրով՝ մինչեւ տարեվերջ Հանրապետութիւնը «կը դադրի գոյութիւն ունենալէ»։ Բայց ան անսպասելիօրէն հրաժարած է ատկէ՝ Երեւան կատարած իր մեկնաբանութիւններուն մէջ։

Այդ մէկը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ, քանի որ Ղարաբաղը այժմ կը գտնուի Ազերպայճանի ամբողջական վերահսկողութեան տակ, իսկ Երեւան դժուար թէ աջակցի իր տարածքին մէջ Ղարաբաղի հաստատութիւններու հետագայ գործունէութեան:

Բայց Շահրամանեանի որոշումին արձագանգեցին բազմաթիւ ղարաբաղցի գաղթականներ, որոնք տակաւին կը փայփայեն Ազերպայճանէն անջատուելու տասնամեակներու երազանքը: “Երեխաները անընդհատ մղձաւանջի մէջ են, գիշերները կու լան ու անդադար կը հարցնեն, թէ ե՞րբ պիտի տուն վերադառնան”,-– կ՚ըսէ Արեւիկ ու կ՚աւելցնէ․ “Մենք կը վերադառնանք մէկ պայմանով՝ եթէ Թուրքերէն անջատ ապրինք, եւ մեր երեխաներու անվտանգութիւնը 100 տոկոսով երաշխաւորուած ըլլայ”։

Երդուեալ թշնամիներ Հայաստանն ու Ազերպայճանը յայտարարած են, որ մօտ են խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու, հիմնուած՝ մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ։

Բայց Ղարաբաղի գաղթականներէն քիչեր կը բաժնեն այս յոյսը։ “Ես չեմ հաւատար Ազերպայճանցիներու հետ խաղաղութեան”,– կ՚ըսէ 65-ամեայ գաղթական Բորիս Դոլուխանեան, որու որդին զոհուած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին։ “Ինչպէ՞ս կրնանք ապրիլ իմ երեխան սպանած Թուրքերու կողքին։ Մենք պէտք է այնքան զօրանանք, որ ուժով ետ առնենք մեր հողը”,– կը նշէ Դոլուխանեան ու կ՚աւելցնէ, թէ իր ընտանիքը բարեկեցիկ կեանքով կ՚ապրէր Ստեփանակերտի մէջ, ուր ունէին քանի մը տուն, հողատարածքներ եւ տարաշխարհիկ (exotique) թռչուններու ագարակ մը: “Մենք ձգեցինք մեր դրախտը”,– կ՚ըսէ ան՝ աւելացնելով, որ իրենք այժմ Երեւանի մէջ վարձած են երեք սենեակնոց բնակարան մը, բայց տան վարձքը իրենց համար այլեւս մատչելի չէ եւ աւելի աժան տուն կը փնտռեն:

Վերջինիս 10-ամեայ թոռնուհին՝ Ռուզաննան, կ՚ըսէ, թէ իր Սուրբծննդեան ցանկութիւնն է, որ “Կաղանդ պապան հրաշք գործէ, որպէսզի կարողանան տուն վերադառնալ”»:

Խմբագրական