ANCA. «Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու խարիսխէն կը շարունակուի դէպի Պաքու ռազմամթերքի փոխադրումը»

Իսրայէլ կը շարունակէ զինել Ազերպայճանը Արցախի մէջ ցեղային զտումէն ետք եւ Հայաստանի հանդէպ սպառնալիքներու ենթախորքին։ Այս մասին ընկերային ցանցերու վրայ յայտնած է Հայ դատի ԱՄերիկայի կոմիտէի (ANCA) ծրագրերու տնօրէն Ալեքս Կալիցքի՝ վկայաբերելով Flightradar24 ծառայութեան տուեալները։

«Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու խարիսխէն Պաքու դարձեալ մեկնած է  ազերպայճանական ռազմական փոխադրատար օդանաւ մը՝ նոր բեռներով։ Միաժամանակ, Իսրայէլ կը շարունակէ ռազմական ոճիրներ գործել Կազայի գօտիին մէջ»,– նշած է ան։

Խմբագրական