Search
Close this search box.

«Engage Armenia»՝ հայրենադարձութեան խթանման, հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման նպատակով կազմակերպուած շրջապտոյտը

Հայրենադարձութեան, Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդման, հայրենիքին զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսանալու ճամբաներ ցոյց տալու ի խնդիր գործունէութիւն ծաւալող բազմաթիւ կազմակերպութիւններու (ինչպէս՝ Birthright Armenia, AVC, RepatArmenia, reArmenia, Impact Hub, Optimize, Teach for Armenia…) մասնակցութեամբ եւ գլխաւոր հովանաւորութեամբ «Հրայր Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամ»-ի, Մարտ 6-13 Եւրոպայի հայաշատ զանազան քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ « Engage Armenia » արշաւը, վերոնշեալ նպատակները, անոնց առնչուող ծրագրերը աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար Սփիւռքահայութեան։ 

Այսպէս, Մարտ 6-ին Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած հաւաքով սկսած շրջապտոյտը, Ամսթերտամէն, Պրիւսէլէն, Փարիզէն, Ալֆորվիլէն, Ժընեւէն, Լիոնէն ետք՝ Մարտ 13-ին աւարտեցաւ Մարսիլիոյ մէջ։ Ութ օր՝ ութ քաղաք։ 

Այս հանդիպումները առիթ ընձեռեցին կազմակերպողներուն հանդիպում ունենալու շուրջ 700 հոգիի հետ, որոնց ներկայացուցին զանազան ծրագրեր, կարելիութիւններ, պատասխանել զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն, կողմնորոշել այս կամ այն հարցով տատամսողները։ 

Լոնտոն

Ամսթերտամ

Պրիւսէլ

Փարիզ


Ալֆորվիլ


Ժընեւ


Լիոն


Մարսիլիա