Search
Close this search box.

«Engage Armenia» 2024 եւրոպական շրջապտոյտը. յոյսի հարթակ՝ մարտահրաւէրներու դիմաց

 

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւան– Հայաստան կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու եւ անորոշութեան դիմաց: «Engage Armenia» 2024 եւրոպական շրջապտոյտը, որ տեղի պիտի ունենայ 2024 Մարտ 6-13, համայն Հայութիւնը կը հրաւիրէ համախմբուելու եւ առանցքային դեր խաղալու Հայաստանի ապագայի ձեւաւորման գործընթացին մէջ: Շրջապտոյտը պիտի կատարուի եւրոպական ութ քաղաքներ՝ Լոնտոն, Ամսթերտամ, Պրիւսէլ, Փարիզ, Ալֆորվիլ, Ժընեւ, Լիոն եւ Մարսիլիա:

Վերջին տարիներուն, Հայաստան կը բախի լուրջ դժուարութիւններու: Այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է ամբողջ հայ ժողովուրդին ներգրաւուածութիւնը. «Engage Armenia» 2024 շրջապտոյտը այս մէկը իրագործելու հարթակ մըն է:

Սոյն ձեռնարկին, ներկայ պիտի ըլլան զանազան տարբեր ոլորտներէ մասնագէտներ ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ. ելոյթ պիտի ունենան՝ Վարդան Մարաշլեան (Repat Armenia), Սեւան Գապագեան (Birthright Armenia/AVC), Նելլի Փոլիաքով (H. Hovnanian Family Foundation), Գարիկ Գէորգեան (Move2Armenia), Գէորգ Պօղոսեան (ReArmenia Platform), Նազարէթ Սէֆէրեան (Impact Hub), Սիսիան Պօղոսեան (ՀՀ զբօսաշրջութեան յանձնախումբ) եւ Հրայր Պարսումեան (Optimize Consulting):

«Engage Armenia» 2024-ի ընթացքին տեղի պիտի ունենան քննարկումներ (tables-rondes) եւ ծանօթութեան հանդիպումներ (opportunités de réseautage/networking): Քննարկումներու ընթացքին բանախօսները պիտի կիսեն իրենց անձնական փորձառութիւնը եւ պատկերացումները կամաւորականութեան, փորձաշրջաններու, փորձառութիւններու փոխանակման, օժանդակութեան ծրագրերու, կրթութեան եւ ներդրումային կարելիութիւններու, հայրենադարձութեան եւ այլ թեմաներու մասին. մասնակիցները նաեւ առիթը պիտի ունենան բանախօսներուն հետ շփում ունենալու եւ անոնց հարցումներ յղելու:

«Engage Armenia» 2024-ը առիթ պիտի ընձեռէ ներկաներուն Հայաստանի հետ իրենց կապերը ամրապնդելու եւ ազգին յառաջընթացին նպաստելու: «Engage Armenia» 2024-ի մասին լրացուցիչ մանրամասնութիւնները կը հրապարակուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

Դեկտեմբեր 13

+374 60 464660

repatarmenia.org

37 Hanrapetutyan St. Yerevan, Armenia