«Engage Armenia» 2024 եւրոպական շրջապտոյտը. յոյսի հարթակ՝ մարտահրաւէրներու դիմաց

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւան – Հայաստան կը գտնուի լուրջ մարտահրաուէրներու եւ անորոշութեան դէմ-յանդիման: «Engage Armenia» 2024 եւրոպական շրջապտոյտը, որ տեղի պիտի ունենայ 2024 Մարտ 6-13, համայն Հայութիւնը կը հրաւիրէ համախմբուելու եւ առանցքային դեր խաղալու Հայաստանի ապագայի ձեւաւորման գործընթացին մէջ: Շրջապտոյտը պիտի ընդգրկէ եւրոպական ութ քաղաքներ՝ Լոնտոն, Ամսթերտամ, Պրիւսէլ, Փարիզ, Ալֆորվիլ, Ժընեւ, Լիոն եւ Մարսիլիա:

Վերջին տարիներուն, Հայաստան կը բախի լուրջ դժուարութիւններու: Այսօր, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ամբողջ հայ ժողովուրդին ներգրաւումը. «Engage Armenia» 2024 շրջապտոյտը այս նպատակին նուիրուած հարթակ մըն է:

Սոյն ձեռնարկին, ներկայ պիտի ըլլան զանազան ոլորտներէ մասնագէտներ ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ. ելոյթ պիտի ունենան՝ Վարդան Մարաշլեան (Վերադարձ Հայաստան հիմնադրամ), Սեւան Գապագեան (Դէպի Հայք հիմնադրամ/AVC), Նելլի Փոլիաքով (Հ. Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամ), Գարիկ Գէորգեան (Move2Armenia), Գէորգ Պօղոսեան (ReArmenia հարթակ), Նազարէթ Սէֆէրեան (Impact Hub), Սիսիան Պօղոսեան (ՀՀ Զբօսաշրջութեան յանձնախումբ), Հրայր Պարսումեան (Optimize Consulting), Լարիսա Յովհաննիսեան («Դասաւանդէ՛ Հայաստանի համար» / Teach for Armenia):

«Engage Armenia» 2024-ի ընթացքին տեղի պիտի ունենան քննարկումներ (panel discussions) եւ ծանօթութեան հանդիպումներ (networking opportunities): Քննարկումներու ընթացքին բանախօսները պիտի կիսեն իրենց անձնական փորձառութիւնը եւ պատկերացումները կամաւորականութեան, փորձաշրջաններու, փորձառութիւններու փոխանակման, օժանդակութեան ծրագրերու, կրթութեան եւ ներդրումային կարելիութիւններու, հայրենադարձութեան եւ այլ թեմաներու մասին. մասնակիցները նաեւ առիթը պիտի ունենան բանախօսներուն հետ շփուելու եւ իրենց հարցումներ ուղղելու:

«Engage Armenia» 2024-ը առիթ կու տայ ներկաներուն Հայաստանի հետ իրենց կապերը ամրապնդելու եւ ազգին յառաջընթացին նպաստելու: «Engage Armenia» 2024-ի մասին լրացուցիչ մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին: ■

_____________

+374 60 464660 

repatarmenia.org

37 Hanrapetutyan St. Yerevan, Armenia

Խմբագրական