Forbes. «Ահաբեկչութեան» գանձատրումով մեղադրուող Ռուբէն Վարդանեան ինչի՞ վրայ ծախսած է գումարները» 

«Ահաբեկչութեան գանձատրումով մեղադրուող Ռուբէն Վարդանեան ինչի՞ վրայ ծախսած է գումարները» վերնագրով յօդուածով  ամերիկեան Forbes տնտեսական պարբերաթերթը կ՚անդրադառնայ Վարդանեանի՝ Հայաստանի մէջ իրագործած ծրագրերուն: «Ազերպայճան Ռուբէն Վարդանեանը կ՚ամբաստանէ ահաբեկչութեան գանձատրման, ապօրինի զինուած խմբաւորումներու ստեղծման եւ սահմանը խախտելու մեղադրանքներով: Forbes կը ներկայացնէ այն հիմնական ծրագրերը, որոնց ուղղութեամբ գումարներ ծախսած է Վարդանեան»,– կը գրէ պարբերականը՝ այդպէսով ցոյց տալով, որ ենթակայի նախաձեռնութեամբ իրագործուած ծրագրերը հեռաւոր կապ մը անգամ չունին ահաբեկչութեան գանձատրման հետ:

Յօդուածին մէջ կը ներկայացուին Ռուբէն Վարդանեանի ձեռնարկած  կրթական, զբօսաշրջային եւ ենթակառուցային, մարդասիրական, ինչպէս նաեւ ընկերային մեծ ծրագրերը, մասնաւորապէս, «ՏաԹեւեր վերածնունդ»-ը, Դիլիջանի միջազգային դպրոցի (UWC Dilijan) ծրագիրը, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը:

Կը նուի, որ Վարդանեանի ընտանիքը եւ անոր գործընկերները 2001-2023 շուրջ 700 միլիոն տոլար արժող ներդրում կատարած են Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական աշխարհի մէջ: Տնտեսական զարգացման բնագաւառի ներդրումներէն բացի, շուրջ 430 միլիոն տոլար ուղղուած է կրթական ծրագրերուն (202 միլիոն), մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն (68 միլիոն), մշակոյթի եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ի նպաստ (20 միլիոն), զբօսաշրջային ծրագրերու միջոցով տարածքներու զարգացման եւ ենթակառուցային ծրագրերուն (108 միլիոն), գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու, առողջպահութեան եւ գիւղատնտեսական-բնապահական ծրագրերուն (13 միլիոն):

Յօդուածին մէջ կը ներկայացուի նաեւ վերի հսկայական ծրագրերու ազդեցութիւնը.

UWC Dilijan-ը, որ «Միացեալ համաշխարհային գոլեճներ-UWC» ցանցին անդամ է, արդէն 820 շրջանաւարտ ունեցած է: 160 հայ պատանիներ ու պարմանուհիներ դպրոցին՝ UWC անդամակցութեան շնորհիւ միջազգային կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն ունեցած են: Ուսանողներու 74%-ը իրենց ուսման համար մասնակի կամ ամբողջական կրթաթոշակ ստացած են: 2016-ին Դիլիջանը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Ուսումնառու քաղաքներու համաշխարհային ցանցին մէջ:

Անդրադառնալով «ՏաԹեւեր վերածնունդ»-ին, կը նշուի, թէ անոր հիմնական նպատակը զբօսաշրջային ծրագրերու միջոցով տեղւոյն բնակչութեան կեանքի որակի բարելաւումն է: Այժմ արդէն Հայաստան այցելող իւրաքանիւր հինգ զբօսաշրջիկէն մէկը իր ծրագրին մէջ կ՚ընդգրկէ ճոպանուղին:

«Աւորորա» միաջազգային մարդասիրական նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերուած է 427 ծրագրի (աւելի քան 3,2 միլիոն հոգի): Պարբերականը կը նշէ, որ նախաձեռնութիւնը ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու անունով՝ առ ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներու: «Աւրորա»-ի նիւթական նպաստները կ՚աջակցին կրթական, մարդասիրական ծրագրերուն, կը պահպանեն հայկական ժառանգութիւնը՝ յարգելով Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածները փրկողներու յիշատակը:

Պարբերաթերթը կ՚անդրադառնայ նաեւ 2008-էն ի վեր Ռուբէն Վարդանեանի կողմէ Արցախի մէջ իրագործուած ընկերային, բարեսիրական, մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագրերուն՝ նշելով, որ ընդհանուր ներդրումները կազմած են շուրջ 8 միլիոն տոլար:

Խմբագրական