Search
Close this search box.

Globes-ի համաձայն՝ Ազերպայճան Barak MX տեսակի համակարգ գնած է Իսրայէլէն

Իսրայէլական Globes պարբերականին համաձայն՝ Ազերպայճան 1,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ Barak MX տեսակի օդատիեզերական հրթիռային համակարգ գնած է Իսրայէլէն։

Նշենք, թէ IAI (Israel Aerospace Industry) պետական ձեռնարկութեան քանի մը օր առաջ, անանուն երկրի մը 1,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ մատակարարելու յայտարարութենէն ետք, Պաքուի Նոյեմբեր 13-ին կատարած հաստատումով կը պարզուի, որ այդ պատուիրատուն Ազերպայճանն էր։

Պարբերականը կը նշէ, որ Իսրայէլ Սեպտեմբերին արդէն Պաքուի մէջ Ազերպայճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն համար Barak MX-ի ցուցադրութիւն կազմակերպած էր։

Barak MX համակարգը կը նկատուի իր կալուածի ամէնէն կատա-րելագործուածներէն եւ նորագոյններէն. ունի քանի մը հիմնական բաղադրիչ՝ արհեստագիտութեան գագաթնակէտին, ինչպէս՝ կալանիչներ, արձակիչներ, հրամանատարութեան եւ կառավարման յատուկ համակարգեր, յառաջադէմ ռատարներ եւ բազմահամակարգային եւ միջհամակարգային հաղորդակցութեան կարելիութիւններ եւ այլն, եւ այլն: 

Համակարգին սովորական հասանելիութիւնը 70 քմ. հեռաւորութիւն է, բայց լսումներու յատուկ սարքերու եւ յատուկ ռատարներու շնորհիւ կարելի է այդ հասանելիութիւնը հասցնել մինչեւ 150 քմ.ի։ 

Պիւիսոն. «Եւ դեռ Պաքու կը յանդգնի դատապարտել Հայաստանի զէնք գնելը»

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն արձագանգելով վերոնշեալ լուրին՝ X-ի իր հաշիւին գրած է.

«Մինչ Ազերպայճանի պաշտպանութեան ամավարկը կը գերազանցէ 3,3 միլիառ եւրօն եւ թէ Պաքու վերջերս Իսրայէլէն գնած է Barak MX համակարգ, անոր ապահովութեան պետը կը յանդգնի ամենայն լրջութեամբ յայտարարել, որ Ֆրանսայէն Հայաստանի գնած քանի մը պաշտպանական զէնքերը կրնան առաջնորդել նոր պատերազմի մը»։